Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակեց Էդուարդ Սահակեանը: Երկրորդ մարզիչն է` Սամուէլ Գէորգեան, իսկ մարզիչ` Գէորգ Ալեքսանեան:
Այսօր` երեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին, անոնք երեքը պիտի յայտարարեն Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունենալիք ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցող հաւաքականին կազմը:
Յայտնենք, որ ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան ներկայացուց իր հրաժարականը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն` խումբը մեղադրելով իր դէմ կազմակերպուած դաւադրութեան համար:



