Հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը հիւրընկալէ Իտալիան:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այս մրցումին տոմսերը ամբողջութեամբ սպառած են:
Ֆետերասիոնը հայրենի համակիրներուն շնորհակալութիւն յայտնելով յոյս յայտնեց, որ համակիրները հանրապետական մարզադաշտ հասնին մրցումի ազդանշանին տրուելէն նուազագոյնը մէկ ժամ առաջ` խճողումին առաջքը առնելու համար:
ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ, յայտարարուեցաւ, որ 5 սեպտեմբերին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի սլովենիացի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին պիտի այցելէ Հայաստան: