Սփորթց-Մանիա ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած 40 տարեկանէն վեր տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով, վերջ գտաւ աւարտական մրցումով:
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ վեց խումբերը` Զուք, Քահրապա, «Էմ.-13, Անուար, Սփաքեթ, Շանվիլի շրջանաւարտներ:
Նուհատ Նաուֆալ մարզադաշտին վրայ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցած աւարտականին Զուք, 68-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Քահրապայի դէմ, տիրացաւ տիտղոսին:
Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Շարպել Ռըզք կատարեց մրցանակաբաշխութիւնը:
Նշենք, որ տրուեցան նաեւ տարբեր տեսակի մրցանակներ (լաւագոյն խմբապետ, ռիպաունտ, թրի փոյնթ եւ այլն):