Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 18:00-ին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) մարզական շարք մը անձնաւորութիւններ պիտի պարգեւատրուին լիբանանեան մարզաշխարհի զարգացման մէջ իրենց ունեցած կարեւոր ներդրումին համար:
Պարգեւատրեալները պիտի ըլլան` Հաշեմ Հայտար, Ժասեմ Քանսօ, հանգստեան կոչուած զօր. Սուհէյլ Խուրի, Աքրամ Հալապի, Ռոլան Սաատէ, Սեմի Քըպլաուի, Ալեն Սայեղ եւ Եուսեֆ Խալիլ: