Միացեալ Նահանգներու մէջ իր աւարտին հասնող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ աշխարհի երկրորդ դասուած սպանացի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 6-4, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով արժանթինցի Տիեկօ Շվարցմանի դէմ:
Նատալի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Մաթէօ Պերեթինի, որ իր յաղթանակը արձանագրեց ֆրանսացի Կայել Մոնփիսի դէմ` 3-6, 6-3, 6-2, 3-6, եւ 7-6 արդիւնքով:
Մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամն է 57 միլիոն ամերիկեան տոլար:



