Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը կատարէ զտումի իր հինգերորդ մրցումը` Ժ. խմբակին մէջ, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հիւրընկալելով Իտալիան:
Իտալիա, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, 12 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Իսկ հայրենի կազմը, որ արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, 6 կէտով կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:
Յաղթանակ մը արձանագրելու պարագային, Հայաստան պիտի ունենայ շատ աւելի լաւ դիրք մը: