Մարզական

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը

Ինչպէս ծանօթ է, 13-14 սեպտեմբերին Լիբանանի թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք Ուզպեքիստանի դէմ` Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մրցումներուն ծիրին մէջ: Աւարտական այս մրցումին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին կէսօրուան ժամը 12:30-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Ա.Թէ.Սէ.Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք): Մրցումները տեղի պիտի ունենան հովանաւորութեամբ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի:

«Էմ.Էմ.Էյ.». Միհրան Յարութիւնեանի Երրորդ Յաղթանակը

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան, խառն մենամարտերու մարզիկ` Միհրան Յարութիւնեան, իր երրորդ մենամարտը կատարեց «Էմ.Էմ.Էյ.»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ եւ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը: Ուզպեք Մուրատխան Սայթխանովի դէմ իր կատարած մենամարտին, Յարութիւնեան յաղթեց ժամանակէն շուտ` 1 վայրկեան 18 երկվայրկեանի ընթացքին:  

Թենիս. «Եու.Էս.Օփըն». Քանատացի Պիանքա Անտրիեսքու Պատմութիւն Կերտեց

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու.Էս.Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աղջկանց աւարտականին իրարու դէմ մրցեցան ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ եւ քանատացի Պիանքա Անտրիեսքու: Մրցումը վերջ գտաւ այս մրցաշարքին 15-րդ դասուած 19 տարեկան Անտրիեսքուի յաղթանակով, որ 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` 1 ժամ 41 վայրկեանի ընթացքին: Սերենա Ուիլիըմզ վեց անգամ տիրացած է այս մրցաշարքի տիտղոսին: Նախապէս այս...

Միջազգային Ֆութպոլ. Սամուէլ Էթու Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Քամերունի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Սամուէլ Էթու պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 38 տարեան Էթու մաս կազմած է բազմաթիւ ակումբներու, որոնց կարգին` Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: Ան Քամերունի կազմին շապիկը կրած է 118 անգամ: Ան կը նկատուի իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին ռմբարկուն: Ազգային հաւաքականին հետ ան 1996-էն 2014 նշանակած է 56 կոլ:

Անգլիական Ֆութպոլ. Քիքէ Սանչես Ֆլորես` Դարձեալ Ուաթֆորտի Մարզիչ

Անգլիական Ուաթֆորտ ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Խաւի Կրասիան, եւ անգամ մը եւս այդ պաշտօնը վստահեցաւ Քիքէ Սանչես Ֆլորեսին: 54 տարեկան սպանացին 2015-2016 տարեշրջանին եղած է Ուաթֆորտի մարզիչը: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «փրեմիեր լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ուաթֆորտ մէկ կէտով միայն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը:

2021-ի Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Իրլանտա – Հայաստան` 1 – 0

Հայաստանի ֆութպոլի 21 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ զտումի մրցաշարքին, իր կատարած առաջին մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Տապլինի մէջ, կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը դաշտին տիրոջմէն: Թրոյ Փերըթ նշանակեց մրցումին միակ կոլը` 31-րդ վայրկեանին: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ այսօր, երբ կը մրցի Իսլանտայի դէմ: Նշենք, որ Հայաստանի...

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Արժանթինի Եւ Սպանիոյ Յաջորդական Հինգերորդ Յաղթանակը

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Թ. խմբակին մաս կազմող Արժանթին, շարունակելով իր յաղթանակներու շարքը, արձանագրեց իր հինգերորդ յաղթանակը` 91-65 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լեհաստանը, որ ցարդ պարտութիւն չէր կրած: Սպանիա-Սերպիա մրցումէն Ժ. խմբակին մաս կազմող Սպանիա իր կարգին նոյն իրագործումը կատարեց, երբ 81-69 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ցարդ անպարտելի Սերպիան: Ինչ կը վերաբերի նախանցեալ օր տեղի...

Թեքուանտոյի Միջազգային Մրցաշարք.  Այսօր Ժամը 16:00-ին` «Պէյրութ-Օփըն-2»-ի Բացման Հանդիսութիւնը

Թեքուանտոյի Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Ժամը 16:00-ին` «Պէյրութ-Օփըն-2»-ի Բացման Հանդիսութիւնը

Հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին, այսօր` շաբաթ, 7 սեպտեմբեր, յետմիջօրէի ժամթ 16:00-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի կ՛ունենայ «Պէյրութ-օփըն-2» թեքուանտոյի միջազգային 2-րդ մրցաշարքին բացման հանդիսութիւնը: Երէկուան մրցումներէն Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ երկիրները. Յորդանան, Իտալիա, Սուրիա, Փղոսկրեայ Ափունք, Զուիցերիա, Իրաք, Պաղեստին, Քաթար, Ղազախստան, Քոնկօ, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Յունաստան, Թուրքիա, Ղանա, Քուէյթ,...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Պիտի Սկսի Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Շաբաթ, 14 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին Ահտ - Անսար մրցումը: Ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանը պիտի սկս ուրբաթ, 8 նոյեմբերին: 16 սեպտեմբերին Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) տեղի ունենալիք Արաբական ֆութպոլի...

Եւրօ-2020. Վաղը` Հայաստան – Պոսնիա

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը վաղը` կիրակի, 8 սեպտեմբերին, մրցում մը եւս ունի կատարելիք Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երբ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պոսնիան: Ժ. խմբակին մէջ կատարուելիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմը նախանցեալ օր հիւրընկալեց Իտալիան եւ կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, հակառակ անոր որ սկիզբը Իտալիա 1-0 արդիւնքով...

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք.  Բացման Մրցումը` Ռիատիի Եւ Նաժըմ Սահելիի Միջեւ

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի 29-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Բացման Մրցումը` Ռիատիի Եւ Նաժըմ Սահելիի Միջեւ

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբը յայտարարեց անոր կայացման մասին: Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 10-17 սեպտեմբերին, 29-րդ անգամ ըլլալով, Ռիատիի «Սայեպ Սալամ» մարզադաշտին վրայ, Մանարա: Անիկա տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին: Մրցաշարքին կը մասնակցին հետեւեալ 8 խումբերը, Չերքասի (Ուքրանիա), Իթթիհատ Իսքանտարի (Եգիպտոս), Նաժըմ Սահելի (Թունուզ), Մուժամահ Փեթրոլի...

Ըմբշամարտի. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յաբեթնակ Կուրիղինեան, հրապարակեց իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան: Աշխարհի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 14 սեպտեմբերին: Ստորեւ` կազմը. Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), Վարուժան Կաջոյեան (74 քկ), Գրիգոր Գրիգորեան (79 քկ), Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ) եւ Լեւան Բերիանիցէ (125 քկ):  

Պասքեթպոլ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արժանթին, Լեհաստան, Սերպիա Եւ Սպանիա` Ցարդ Անպարտելի

Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ: Սպանիա - Իտալիա մրցումէն Չորս խումբեր` Արժանթին, Լեհաստան, Սերպիա եւ Սպանիա արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակները` ապահովելով առաւելագոյն 8 կէտը: Սպանիա իր այս յաղթանակը արձանագրեց Իտալիոյ հաշուոյն` 67-60 արդիւնքով:

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն».  Սերենա Ուիլիըմզ – Պիանքա Անտրիեսքու Աղջկանց Աւարտական

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Սերենա Ուիլիըմզ – Պիանքա Անտրիեսքու Աղջկանց Աւարտական

Անցեալին թենիսի աղջկանց աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի թենիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզ 10-րդ անգամն ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը այս կրան շլեմին գծով: Կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին, ան 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայի դէմ: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 1 ժամ 11 վայրկեան: Աւարտականին ան պիտի մրցի քանատացի Պիանքա Անտրիեսքուի դէմ, որ 7-6...

Կռփամարտ. Հայաստանի Հաւաքականը Մեկնեցաւ Եքաթերինպուրկ

Երէկ` ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին, Եքաթերինպուրկ (Ռուսիա) մեկնեցաւ Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 6-22 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան: Հայաստանի հաւաքականին կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ կռփամարտիկներէն. Արթուր Յովհաննիսեան (52 քկ), Էդիկ Պետրոսեան (57 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63 քկ), Կորիւն Աստոյեան (69 քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), Արտուշ Յովհաննիսեան (81 քկ), Հենրիկ Սարգսեան (91 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան...

Եւրօ-2020. Այսօր` Անգլիա – Պուլկարիա. Վաղը` Շուէտ – Նորվեկիա

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի կատարուին 15 մրցումներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական, մինչ ուրիշներ` գրեթէ մէկ կողմի գերակշռութեամբ: Այսօր Անգլիա - Պուլկարիա մրցումը կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական, մինչ վաղը` Շուէտ - Նորվեկիա հանդիպումը: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Ա. ԽՄԲԱԿ Քոսովօ - Չեխիա 16:00 Անգլիա -...

Եւրօ – 2020. Հայաստան 3 – 1 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Իտալիայէն

2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան (Եւրօ - 2020) զտումի 5-րդ հանգրուանի Հայաստան-Իտալիա մրցումը երէկ աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 3 - 1 արդիւնքով: Մրցումին հաշիւը 10-րդ վայրկեանին բացաւ Սոչիի յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան, որմէ ետք Իտալիա պատասխանեց երեք անգամ` շնորհիւ Անտրէա Պելոթթիի (28-րդ եւ 80-րդ) եւ Լորենցօ Փելեկրինիի (78-րդ): Ա. կիսախաղի կորսուած վայրկեաններուն նոյնինքն Կարպապետեան իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ, ինչ...

40 Հազար Հանդիսատեսներու Ներկայութեան. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Կրեց 2-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը` Հիւսիսային Քորէայէն

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը որ երէկ հիւրը եղաւ Հիւսիսային Քորէային, կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը` դաշտին տիրոջմէն: Նշենք, որ Փիոնկեանկի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Քաթար-2022-ի Մոնտիալին եւ Չինաստան 2023-ի Ասիոյ բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ը. խմբակին մէջ տեղի ունեցած այս ճակատումին ընթացքին, որուն ներկայ եղաւ 40 հազար հանդիսատես, մրցումին կոլերը նշանակեց Իլ Ճիուան Եոնկ` յաջորդաբար 7-րդ եւ 56-րդ...

Պասքեթպոլ.  Անթուան Ղորայեպի Անուան Տարիքային 7-րդ Մրցաշարք.  Աւելի Քան 1200 Մարզիկներ Ներկայ` Բացման Հանդիսութեան

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղորայեպի Անուան Տարիքային 7-րդ Մրցաշարք. Աւելի Քան 1200 Մարզիկներ Ներկայ` Բացման Հանդիսութեան

Հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, յաջորդաբար 7-րդ տարին ըլլալով, «Սփորթց Մանիա» ընկերութիւնը կը կազմակերպէ Անթուան Ղորայեպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի տարիքային մրցաշարքը, որ կ՛երկարի երկու ամսուան վրայ: Բացման հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ Միշել Մըրի անուան մարզադաշտին վրայ, ներկայ գտնուեցան Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամներ Փաթրիք Լահուտ, Թամմամ Ժարուտի, Անթուան Ղորայեպի ծնողքն ու ընտանեկան պարագաներ, մարզական լրագրողներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մեհտի Խալիլ Իր Փորձերուն Կը Սկսի Յառաջիկայ Շաբաթ

Ահտի եւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մեհտի Խալիլ յառաջիկայ շաբաթ կը սկսի իր փորձերուն: Ա. հանգրուանի փորձերը պիտի ըլլան քիչ մը թեթեւ, անոնք տեղի պիտի ունենան անհատական ձեւով` առանց միանալու իր խմբակիցներուն: Ան իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ 14 սեպտեմբերին Անսարի դէմ տեղի ունենալիք Լիբանանի գերբաժակի ֆութպոլի մրցաշարքի ճակատումին: Իսկ 24 սեպտեմբերին յորդանանեան Ժազիրա խումբին դէմ (Ասիոյ բաժակի մրցաշարք) անոր...

Page 658 of 1279 1 … 657 658 659 … 1,279

Արխիւներ