Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ութ ճակատումներ` չորս տարբեր խմբակներու մէջ:
Միացեալ Նահանգներ, Պրազիլ, Ֆրանսա եւ Աւստրալիա արձանագրեցին իրենց երրորդ յաջորդական յաղթանակը:

Այլ գետնի վրայ, յաջորդական երկու պարտութիւն կրելէ ետք, Գերմանիա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 96 – 62 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Յորդանանը:
Թուրքիա կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը Չեխիայէն` 91 – 76 արդիւնքով: