Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ հիւրընկալ երկիրը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Վենեզուելլայէն, 72-59 արդիւնքով:
Չորս խումբեր` Լեհաստան, Արժանթին, Սպանիա եւ Սերպիա, երէկ յաջողեցան արձանագրել իրենց յաջորդական երրորդ յաղթանակը: