Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանին պատրաստուող Պըրժ գրեթէ ամբողջացուց իր կազմը, եւ անոր օտար խաղացողներուն անունները յստակացան:
Սթիւըն Սարվոյէն (Կանա), խումբին միացաւ պրազիլցի Թիակօ Ամիրալ, որ նախապէս ելոյթ ունեցած է հիւսիսային Թրիփոլի խումբին հետ` իբրեւ մարզիչ ունենալով գերմանացի Թէօ Պէօքըրին:
Նշենք, որ Պըրժի մաս կազմեց նաեւ ղանացի Իսմայիլա Անթիրի (յետսապահ), Սարվօ յառաջապահ է, մինչ Թիակօ` միջնապահ:
ԱՆՍԱՐ ակումբին Քարհուն քաղաքին մէջ (արեւմտեան Պեքաա) կատարած յատուկ բանակումին իր մասնակցութիւնը չբերաւ Քելվին Տաու:
Հակառակ անոր որ ան վերջերս միացաւ կանաչներուն, սակայն նշուեցաւ, որ Անսարի մարզիչին հաշիւներուն մէջ ան նկատի պիտի չառնուի:
Շատ հաւանական է, որ ան փոխ տրուի այլ ակումբի մը կամ ստորագրէ ուրիշ խումբի մը հետ, եթէ երկկողմանի համաձայնութեամբ խզուի անոր պայմանագրութիւնը:
Նշուեցաւ, որ երէկ յետմիջօրէին Անսարի միացաւ նորեկ սենեկալցի մարզիկ մը: