Հաղորդած էինք, որ նախորդ շաբաթավերջին, երեք օրեր շարունակ տեղի ունեցաւ Լիբանանի 42-րդ միջազգային ռելին:
Վերջին քանի մը տարիներուն նման, այս տարի եւս, անոր գլխաւոր հովանաւորը եղաւ «Թոթալ» ընկերութիւնը, որ, գործակցաբար «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կը յաջողի ստեղծել յիշատակելի պահեր` ըլլա՛յ հանդիսատեսներուն, եւ ըլլա՛յ անոր մասնակցող վարորդներէն ոմանց հետ:
Նախորդ տարի «Ար. Փի. Էմ.» վազքուղիին վրայ (Մթէյն) «Թոթալ» իրականացուց երիտասարդի մը փափաքն ու երազը` ռելիի ինքնաշարժի մը մէջ ըլլալ եւ ապրիլ անմոռանալի պահ մը:
Այդ մէկը կատարեց լիբանանցի փորձառու վարորդ Էտի Ապու Քարամ, որ իր ինքնաշարժով ո՛չ միայն իրականացուց Էլի Խուէյրիի փափաքը, այլ նաեւ անոր հետ մասնակցեցաւ ռելիին ցուցադրական բաժինի բացման Ա. հանգրուանի մրցումին:
Նշենք, որ «ԹՈԹԱԼ» վերոնշեալ անձը ընտրեց գործակցելով «Թամաննա» միութեան հետ, որ կ՛իրականացնէ վտանգաւոր հիւանդութիւն ունեցող փոքրերուն երազը, բնականաբար իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ:
Նշենք, որ 2019-ի Լիբանանի միջազգային ռելիին, Ա. հանգրուանի ցուցադրական բացման մրցումին նախօրեակին, ուրբաթ, 30 օգոստոսին, «ԹՈԹԱԼ» միասնաբար ներկայացուց Խուէյրին եւ Ապու Քարամը:
Այս առիթով, «Թոթալ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Տանիել Ալվարեզ յայտնեց, որ համագործակցութիւնը մի՛շտ պիտի շարունակուի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի հետ` յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին եւս: