Հայաստանի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Աշոտ Վարդապետեան նշանակուեցաւ ճատրակի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի գլխաւոր իրաւարար, յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 9 սեպտեմբերէն 4 հոկտեմբեր, ռուսական Խանթի Մանսիյսք քաղաքին մէջ:
Աշխարհի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի հանդիպումներուն, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ եգիպտացի Իսամ Ճունտի, Սերկէյ Մովսիսեան կը մրցի ռուս Կրիկորի Օփարինեւ, իսկ Ռոպերթ Յովհաննիսեան` ռուս Անթոն Տեմչենքոյի դէմ:
Նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն եւ ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանա պիտի չմասնակցին մրցաշարքին: