Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախանցեալ օր ժամանեց Փիոնկեանկ (Հիւսիսային Քորէա), այսօր` հինգշաբթի, 5 սեպտեմբերին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, ժամը 11:30-ին, (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ այս մրցումը կը կատարուի Քաթար-2022-ի մոնտիալի եւ Չինաստան-2023-ի Ասիոյ ախոյեանութիւններուն մրցումներուն ծիրին մէջ:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած վերջին մրցումը, որ կատարուած էր 6 սեպտեմբեր 2017-ին, Ասիոյ 2019-ի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, աւարտած էր 2-2 հաւասարութեամբ` դարձեալ մրցակիցին դաշտին վրայ:
Այսօր տեղի ունենալիք մրցումին մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել շուրջ 50 հազար հանդիսատես:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին ռումանացի մարզիչ Լեւիօ Չիոփոթարիօ պիտի փորձէ իր կարելին ընել զօրաւոր կազմ մը դաշտ ներկայացնելու եւ մրցակիցէն առաւելագոյն երեք կէտը խլելու համար: