Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Նոր Տարեշրջանին Նախօրեակին. «ՀՄԸՄ-ին Հետ Պիտի Ըլլանք Նոր Տարեշրջանին Ազդանշանը Տրուելէն Սկսեալ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Վահրամ Պարսումեան

Սեպտեմբեր 5, 2019
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը Վարեց` ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2019-2020 տարեշրջանի նախօրեակին «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբի նախագահ Վահրամ Պարսումեանին հետ:

Պարսումեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին պատրաստութիւններն ու կատարուած աշխատանքները` միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն գծով, ինչպէս նաեւ փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ նոր տարեշրջանին կիրարկուելիք որոշումներուն մասին:

Ստորեւ` հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանանի ազգային խումբին մէջ ի՞նչ աշխատանքներ տարուեցան:

«ՎԱՀՐԱՄ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ».- Արդէն տեղեակ էք, որ վերջին շրջանին Լիբանան ունեցաւ իր նոր մարզիչը` ռումանացի Լեւիօ Չիոփոթարիօ:

Ան Լիբանանի հետ պիտի մասնակցի Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալին եւ Չինաստանի մէջ կատարուելիք 2023-ի Ասիոյ ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:

Վերոնշեալ երկու մրցաշարքերուն զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան զուգահեռաբար, այսինքն, ըստ արձանագրուած արդիւնքներուն, կը կատարուին խմբակներուն դասաւորումները` զուգահեռ ձեւով:

Կազմելու համար իր խումբը, մարզիչը դիտեց աւելի քան հարիւր վիտէօ-երիզներ, որոնց լոյսին տակ ընտրեց մարզիկները:

Կրնամ ըսել, որ ան աւելի կը կեդրոնանայ յարձակողական խաղաոճին վրայ, որ բնականաբար կրնայ տալ դրական արդիւնքներ յառաջիկային տեղի ունենալիք մրցումներուն:

«Ա.».- Իբրեւ նախագահ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի յանձնախումբին, խնդրեմ ըսէք, թէ ի՞նչ ձեւով կ՛ընթանայ Լիբանանի 2019-ի ախոյեանութիւնը:

«Վ. Պ.».- Նախորդ տարիներուն հետ բաղդատելով, այս տարի ախոյեանութիւնը ընթացաւ շատ աւելի հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, եւ պայքարը եղաւ բաւական սուր` մասնակցող խումբերուն միջեւ:

Նախորդ ախոյեանութեան, մասնակցեցան 10 խումբեր, որոնք ընդամէնը կատարեցին 26 մրցում: Այս տարի ախոյեանութեան մասնակցեցան 13 խումբեր, եւ կատարուեցան 40 մրցումներ:

Զգալի է նաեւ, որ հետաքրքրութիւն կայ պիչ-ֆութպոլի նկատմամբ:

Այդ 40 խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որ բաղդատմամբ նախորդ տարուան, արձանագրեց աւելի լաւ արդիւնքներ, թէեւ անկէ կը սպասուի աւելին:

Տարեշրջանի մեկնարկէն շուրջ մէկուկէս ամիս առաջ ֆետերասիոնը տեղեակ կը պահէ ակումբները: Համապատասխան լուրի հրապարակումէն անմիջապէս ետք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը պէտք է սկսի իր լուրջ փորձերուն` աւելի նախանձելի արդիւնք ձեռք ձգելու համար:

Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի ազգային խումբը տարին 12 ամիս փորձեր կը կատարէ:

Պիչ-ֆութպոլի պարագային իւրաքանչիւր խումբ իրաւունք ունի իր կազմին միացնել ազգային խումբէն չորս մարզիկ` աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար ախոյեանութիւնը, որ ընդհանրապէս կը սկսի յուլիսին:

Ֆետերասիոնը իր տրամադրութեան տակ ունի պիչ-ֆութպոլի երկու միջազգային իրաւարար, որոնք «ՖԻՖԱ»-ի արտօնագիր կը կրեն: Ունինք շարք մը այլ իրաւարարներ ալ, որոնք կրնան սուլել միայն Լիբանանի մէջ:

«Ա.».- 2019-2020 տարեշրջանի Լիբանանի ախոյեանութեան գծով ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

«Վ. Պ.».- Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութիւններուն 2019-2020 տարեշրջանին ազդանշանը պիտի տրուի 20 սեպտեմբերին:

Ակումբներուն համար մարզիկներու ստորագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերը:

Ա. դասակարգի խումբերը իրենց կազմը կրնան օժտել երեք օտար, իսկ Բ. դասակարգի պարագային` երկու օտար, նախորդ տարիներուն նման:

Նոր տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն շուրջ ամիս մը առաջ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքին ընթացքին, ի յայտ եկաւ, որ ախոյեանութեան տիտղոսին համար պայքարը պիտի ըլայ բաւական սուր: Մանաւանդ, Բ. դասակարգէն Ա. դասակարգ բարձրացած խումբերը շատ լաւ ձեւով պատրաստուած են եւ կրնան պայքար մղել զօրաւոր նկատուող խումբերու դէմ: Վստահաբար, գալիք օրերուն ատոր ականատես պիտի ըլլանք:

«Ա.».- Գ. դասակարգին մասին ի՞նչ կրնաք ըսել, եթէ անշուշտ կան նորութիւններ:

«Վ. Պ.».- Ինչպէս բոլորն ալ տեղեակ են, տարբեր պատճառներով, որոնց չեմ ուզեր անդրադառնալ, 2018-2019 տարեշրջանին աւարտին Գ. դասակարգէն որեւէ խումբ, Դ. դասակարգ չփոխադրուեցաւ:

Բայց, Դ. դասակարգէն խումբեր բարձրացան Գ. դասակարգ: Հետեւաբար, խումբերը շատցան, այդ պատճառով ֆետերասիոնը որդեգրեց նոր օրէնք մը, որ պիտի կիրարկուի այս տարեշրջանին:

Նախքան մանրամասնելս ըսեմ, որ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան տարեշրջանին համար ցարդ թուական չէ ճշդուած:

Ուրեմն, Գ. դասակարգի խումբերուն թիւը, 28 է, անոնք բաժնուած պիտի ըլլան չորս խմբակի, իւրաքանչիւրը` եօթը խումբ: Երթուդարձի մրցումներէն ետք, իւրաքանչիւր խմբակի վերջին երկու դիրքերը գրաւողները ուղղակիօրէն կը փոխադրուին Դ. դասակարգ: Իսկ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին դիրքը գրաւողներէն միայն երկուքը, կ՛ապահովեն Բ. դասակարգին իրենց տոմսը:

Ասկէ մեկնելով, բոլոր խումբերուն համար լաւապէս պատրաստուիլը շատ անհրաժեշտ է Դ. դասակարգ չփոխադրուելու համար:

Ասիկա կ՛ըսեմ, որովհետեւ այս նոր օրէնքը, չի նմանիր նախորդ տարուան օրէնքներուն:

«Ա.».- Տեղեակ ենք, որ այդ Գ. դասակարգի խումբերուն կարգին է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ նախորդ տարեշրջանին աւարտին դժբախտաբար փոխադրուեցաւ Գ. դասակարգ:

Ներկայիս խումբին վիճակը ի՞նչ ընթացքի մէջ է:

«Վ. Պ.».- Դժբախտաբար այսպէս պատահեցաւ, արդարեւ, լիբանանեան ֆութպոլի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած ՀՄԸՄ պէտք չէր գտնուեր հոն, ուր է այժմ: Անցեալին մասին խօսիլն ու այսօրուան վիճակէն նեղանալը անօգուտ է: Պէտք է նայինք դէպի ապագայ, լաւ արդիւնք արձանագրելու եւ չվերյիշելու կատարուածը:

Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, այս տարի, Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը բաւական դժուար է եւ Բ. դասակարգ բարձրանալը պէտք ունի տքնաջան աշխատանքի:

Խումբը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ կը գործէ, իսկ խումբին մարզիչն է Վաչէ Սարգիսեան:

Այս տարեշրջանին ՀՄԸՄ` առաջին տարեշրջանն ըլլալով, իր մրցումները պիտի կատարէ առանց օտարի: Խումբին մաս կազմող հայերը, տեղացի մարզիկներէն աւելի, ծանր բեռ ունին իրենց ուսերուն, որովհետեւ անոնց պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ խումբը շատ արագօրէն բարձրացնել Բ. դասակարգ: Ա. դասակարգ բարձրանալու մասին խօսելու տակաւին կանուխ է:

Ո՛ր խմբակին ալ մաս կազմէ ՀՄԸՄ, առաւելագոյնը պիտի ընէ գրաւելու համար առաջին դիրքը: Երկրորդ դիրքն իսկ ընդուելի չէ:

Բոլորին առաջնահերթ նպատակը պիտի ըլլայ, խումբը բարձրացնել Բ. դասակարգ:

Հոս նշեմ, որ 17 սեպտեմբերէն ետք ՀՄԸՄ, Գ. դասակարգի այլ կազմերուն նման, խումբը կրնայ օժտել մարզիկներով` նկատի ունենալով, որ այդ թուականէն ետք, երբ Ա. եւ Բ. դասակարգի մարզիկներու փոխանցումները աւարտին, կարգ մը մարզիկներ կը մնան առանց ակումբի եւ աւելի մատչելի գինով կրնան միանալ Գ. դասակարգի խումբերուն, որպէսզի տարեշրջանը առանց ֆութպոլի խաղալու չաւարտեն:

Յամենայն դէպս, այս մէկը պարզ գաղափար մըն է, որ կու տամ, պայման չէ գործադրուի ՀՄԸՄ-ի կողմէ:

«Ա.».- Ի՞նչ է ձեր վերջին խօսքը` մեր ընթերցողներուն:

«Վ. Պ.».- Նախ շնորհակալութիւն` «Ազդակ» օրաթերթին այս հարցազրոյցին համար, որուն ճամբով կրցայ կարգ մը մանրամասնութիւններ փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը թէեւ պիտի ըլլայ դժուար, բայց բոլորս պիտի կանգնինք ՀՄԸՄ-ի կողքին:

ՀՄԸՄ-ի հետ պիտի ըլլանք, նոր տարեշրջանին ազդանշանը տրուելէն սկսեալ: Խումբը պէտք ունի մեր նեցուկին: Հոգ չէ եթէ ուրիշներ Ա. դասակարգի մրցումներու ներկայ կը գտնուին: Մեզի համար ՀՄԸՄ-ը տարբեր է, որուն հետ պիտի ըլլանք, ուր ալ ըլլայ անիկա:

 

 

 

Նախորդը

2022-ի Մոնտիալ – Ասիա-2023. Այսօր` Հիւսիսային Քորէա – Լիբանան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (5 Սեպտեմբեր 2019)

RelatedPosts

Նշմար.  Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…
Մարզական

Նշմար. Ամէն Ինչ Դրամ Չէ, Բայց…

Մայիս 15, 2025
Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ
Մարզական

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուըհտէ Շհիմ

Մայիս 15, 2025
Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Փայլուն  Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փայլուն Յաղթանակ Մը Տարաւ Ճիւնիի Մէջ

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?