«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի Ձախող Արդիւնքները Կը Շարունակուին. Պաքսի Եւ Լէյքըրզի 19-րդ Յաղթանակը
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, մինչ Միլուոքի Պաքս եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ իրենց յաջողութիւնները կը շարունակեն, անդին ճիշդ անոնց հակապատկեր ձեւով կը ներկայանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ: Երէկուան մրցումներուն, Ուորիըրզ կրեց իր 19-րդ պարտութիւնը (4 յաղթանակներու կողքին), այս անգամ` Շարլոթ Հոռնեթցէն, 106-91 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն Տեվոնթէ Կրեհեմ նշանակեց 33 կէտ: Պաքս եւ Լէյքըրզ արձանագրեցին իրենց 19-րդ յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան...




