Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ իր ապագային մասին որոշում պիտի տայ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք, կը յայտնէ «Թելեֆութ»-ը:
Կը նշուի, որ ան կը դիտարկէ փարիզեան ակումբին հետ գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգելու տարբերակը, սակայն չ՛աճապարեր կտրուկ քայլերու դիմել:
20 տարեկան յառաջապահը նաեւ Ռէալ Մատրիտ տեղափոխութեան մասին կը մտածէ` նկատի ունենալով, որ արքայական ակումբի մարզիչ Զինետին Զիտան իր նկատմամբ մեծ հետաքրքրութիւն ունի:
Մպափէի գործող պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2022: