Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող ճատրակի «Կրանտ չես թուր»-ի միջազգային մրցաշարքի կիսաւարտականի արագ խաղի 2 մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ մրցեցաւ չինացի Տին Լիրենի դէմ, կրեց 2 պարտութիւն եւ այժմ առաւելագոյն 20 կէտէն 6 կէտ միայն ապահովելով կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:
Այսօր` հինգշաբթի, 5 դեկտեմբերին, անոնք երկուքը կը կատարեն կայծակնային խաղի 4 մրցում: