Ինչպէս ծանօթ է, 23 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւնը: Անոր զուգահեռ պիտի ընտրուի նաեւ նոր գործադիր կոմիտէն:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Նոա այս ընտրութիւններուն գծով հրապարակեց հետեւեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւնը.
«Նախագահական ընտրութեան մենք մեր սեփական թեկնածուն պիտի չառաջադրենք: Գործադիր կոմիտէի մեր թեկնածուն ակումբին գործադիր տնօրէն Արթուր Սահակեանն է:
«Հակառակ ասոր, սակայն, մենք պիտի հետեւինք նախագահի նոր թեկնածուներու առաջադրման հոլովոյթին եւ անոնց առաջարկած ծրագիրները նկատի ունենալով որոշում պիտի տանք ընտրութեան նախաշեմին»: