Շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին կազմակերպած «Պէյրութ-Օփըն-2» թեքուանտոյի միջազգային բաց ախոյեանութիւնը:
Անոր ներկայ գտնուեցան այս ախոյեանութեան հովանաւոր, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչը` երեսփոխան Շամել Ռուքոզ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, բարձրաստիճան զինուորականներ, միջազգային ողիմպիական դասախօս, Մոն Լա Սալի նախագահ Ժիհատ Սալամէ, Զուք Միքայէլի քաղաքապետ Էլի Պաայնօ, յատուկ հրաւիրեալներ, մարզական լրագրողներ, մեծ թիւով հանդիսատեսներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէ ներկաներուն ուղղուած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն, որոնց թիւը կը հասնի աւելի քան 600 երկսեռ մարզիկներու:
Ապա ան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց երեսփոխան Ռուքոզին, որ բացուած յայտարարեց այս ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութեան այս մրցումները նախորդ շաբաթավերջին շարունակուեցան մեծ թափով, անոնց կ՛անդրադառնանք վաղուան մեր մարզական էջով: