«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէն յայտնեց, որ իրաւարարներու վիտէօ-օգնականը` «ՎԱՐ» համակարգը պիտի կիրարկուի Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ընթացքին:
Անիկա պիտի կիրարկուի նաեւ Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունենալիք 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին եւս:
Նշենք, որ «ՎԱՐ»-ը կը կիրարկուի 2017-էն ի վեր: Անիկա 2018-ի ամրան կիրարկուեցաւ 2018-ի մոնտիալի ընթացքին:
Ներկայիս անիկա կը կիրարկուի եւրոպական բոլոր առաջնակարգ ախոյեանութիւններուն եւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցաշարքին ընթացքին: