
Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ երէկ ճանչցուեցաւ Քաթալոնիոյ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Փիքէ, որ 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Պարսելոնային, ըսաւ, որ շատ հպարտ է այս մրցանակը ստանալուն համար: Ան ըսաւ, որ ասիկա կը պարտի իր խմբակիցներուն: