Ինչպէս ծանօթ է, Փիւնիկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրեց Արսէն Աղաջանեանի թեկնածութիւնը:
Ակումբին կողմէ իր թեկնածութեան առաջադրումէն օր մը ետք, երէկ Աղաջանեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Շնորհակալ եմ Փիւնիկէն, որ առաջադրեց իմ թեկնածութիւնս Հայաստանի ֆետերասիոնի նախագահական ընտրութիւններուն: Կու գամ ըսելու, որ պատրաստ եմ բոլորին հետ միասին նոր մարտահրաւէրներու սկսելու` հայկական ֆութպոլին շահերը գերադաս նկատելով, եւ ամէն ճիգ թափելու պատրաստ եմ` բոլոր դժուարութիւններուն յարմար լուծումներ տալու համար»: