«Քալչիօ». Եուվենթուս Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանին` ծիրին մէջ, երկրի գործող ախոյեան Եուվենթուս, ուր Հռոմի «Օլիմփիքօ» մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Լացիօ Ռոմային, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-1 արդիւնքով: Եուվենթուսի միակ կոլը նշանակեց Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (25-րդ), մինչ անոր խմբակից Խուան Քուատրատօ 69-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Անոր դաշտէն վտարումէն ետք հիւրընկալ խումբը նշանակեց 2 կոլ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք,...



