Իտալիոյ ֆութպոլիստներու միութիւնը 2019-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրեց Իտալիոյ ախոյեան Եուվենթուսի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն:
Լաւագոյն խումբը ճանչցուեցաւ Աթալանթան, մինչ լաւագոյն մարզիչի մրցանակին տիրացաւ Ճիանփիերօ Կասփերինի (Աթալանթա):
Վերոնշեալ միութիւնը այս մրցանակաբաշխութիւնը` «Կրան կալա տել Քալչիօ»-ն կը կատարէ ամէն տարի: