Ռէալ Մատրիտի եւ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Էտեն Հազար, որ վնասուածք ստացած է, պիտի բացակայի իր կազմին կատարելիք յառաջիկայ մրցումներէն:
Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») տեղի ունեցած մրցումին վիրաւորուելուն պատճառով ան 4-էն 6 շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ան պիտի բացակայի Էսփանիոլի, Վալենսիայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի, Կեթաֆէի եւ Պարսելոնայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումներէն:
Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ն տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբերին: