Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը կը պատրաստուի նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկելու իր յառաջապահին` Փաուլօ Տիպալային:
Արժանթինցիին այժմու պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2020:
Ըստ իտալական մամուլին, անոր պիտի առաջարկուի մինչեւ 2024 պայմանագրութիւն մը` տարեկան 9 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:
Նշուեցաւ նաեւ, որ երկու կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնը գրեթէ ամբողջանալու ընթացքին մէջ է: