Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին աւարտեցաւ Լիվըրփուլի յաղթանակով: Ան 5-2 արդիւնքով յաղթեց Էվըրթընին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը:
Ասոր շնորհիւ Լիվըրփուլ առանց պարտութեան իր մրցումներու շարքը հասցնելով 32-ի, իր ակումբին պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատեց:
Նախկին մրցանիշը հաստատուած էր Քենի Տալկլիշի գլխաւորութեամբ` մայիս 1987-էն մարտ 1988 (31 մրցում):