Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Մեծաթիւ Համակիրներ Ներկայ Կ՛ըլլան Տարիքային Ախոյեանութեան Մրցումներուն

Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները այժմ սառած են` երկրին մէջ տիրող անկայուն կացութեան պատճառով: Հակառակ ասոր սակայն, ֆութպոլի սիրահարները ներկայ կ՛ըլլան դաշտերու թրիպիւններուն վրայ եւ ներկայ կը գտնուին տարիքային ախոյեանութեանց մրցումներուն: Երիտասարդներու եւ փոքրերու ախոյեանութեան մրցումները, որոնք արդէն իսկ հասած են ֆայնըլ սիքսի հանգրուանին, դարձած են բաւական հետաքրքրական, եւ ատոր պատճառով անոնց ներկայ կը գտնուին...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ինթեր Միլան – Պարսելոնա

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները կը կատարուին այսօր եւ վաղը: Զ. խմբակին մաս կազմող Պարսելոնա, որ արդէն իսկ ապահոված է փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը, հիւրը պիտի ըլլայ Ինթեր Միլանի: Անոնք երկուքն ալ իրենց երկիրներու ֆութպոլի ախոյեանութեան կը գրաւեն դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Նկատի ունենալով, որ Պարսելոնա ապահոված է իր տոմսը, Էռնեսթօ Վալվերտէ...

Մահացաւ Արարատ-73-ի Անցեալի Անուանի Ֆութպոլիստ Սուրէն Մարտիրոսեանը

70 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ Արարատ-73-ի անցեալի անուանի ֆութպոլիստ, նախկին Խորհրդային Միութեան մարզաշխարհի վարպետ Սուրէն Մարտիրոսեան, որուն անունը անմիջականօրէն կապուած է հայկական ֆութպոլի նշանաւոր էջերուն հետ, այս մասին հաղորդեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այս տարուան յունիսին Մարտիրոսեանին շնորհուած էր ոսկիէ յուշամետալ` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, հայկական ֆութպոլին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Ռուսիա 4 Տարիով Հեռացուեցաւ Ողիմպիականի Խաղերէն Եւ Աշխարհի Ախոյեանութիւններէն

Միջազգային հակախթանիչ դեղերու գործակալութեան գործադիր կոմիտէն (ՈՒԱՏԱ) ընդունեց համապատասխան յանձնախումբի առաջարկները եւ 4 տարիով դադրեցուց Ռուսիոյ մասնակցութիւնը միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներուն, ներառեալ` ողիմպիականի խաղերը եւ աշխարհի ախոյեանութիւնները: Երէկ Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած ՈՒԱՏԱ-ի գործադիր կոմիտէի նիստին որոշումը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ: ՈՒԱՏԱ-ի որոշումին դէմ բողոքելու համար ռուսական կողմը 21 օրուան պայմանաժամ ունի:

Սամպօ, Հայաստանի Պատանիները Տիրացան 2 Մետալի` Ռիկայի Մէջ

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի սամպոյի պատանիներու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 2 մետալի, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: 55 քկ դասակարգին մէջ Աշիկ Անդրէեան տիրացաւ արծաթ մետալի, իսկ 42 քկ դասակարգին մէջ Արման Ալավերդեան` պրոնզէ մետալի: Հայաստանի հաւաքականը այս ախոյեանութեան մասնակցեցաւ 9 մարզիկով եւ 2 մարզիչով: Մետալներու համար պայքար մղեցին 19 երկիրներէ 173 մարզիկներ:

Քարաթէ. Արթուր Առուշանեան` Աշխարհի Եռակի Ախոյեան

7-8 դեկտեմբերին Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցաւ քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին անգամ մը, Հայաստանը ներկայացուցին Էմիլ Ղազարեան (75 քկ), Կարպիս Կարապետեան (65 քկ) եւ Արթուր Առուշանեան (60 քկ): Առուշանեան, նախ յաղթելով իր թուրք եւ ղազախ մրցակիցներուն, աւարտականին ճակատեցաւ Վրաստանի ներկայացուցիչին դէմ եւ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով հանդիսացաւ քարաթէի աշխարհի եռակի ախոյեան: Հայրենի մարզիկներուն...

Գեղասահք. Կարապետեան – Սենեկալ Զոյգը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը

Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած «Սանթա Քլաուս Քափ» գեղասահքի միջազգային մրցաշարքին, Թինա Կարապետեան - Սիմոն Սենեկալ զոյգը գրաւեց երկրորդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի ներկայացուցիչները, ապահովելով 171,39 կէտ, իրաւունք ստացան հանդէս գալու աշխարհի ախոյեանութեան ռիթմիք պարերուն: Յայտնենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան 9 զոյգեր: Վերոնշեալ մրցաշարքին, աղջկանց անհատական պարերուն, քանի մը օր առաջ Հայաստանի ներկայացուցիչ...

«Էն. Պի. Էյ.». Լոս Անճելըս Լէյքըրզ` Ցարդ Ամէնէն Շատ Յաղթանակ Արձանագրած Խումբը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ մրցումներ: Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Մինեսոթա Վուլվզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 21-րդ յաղթանակը` 142-125 արդիւնքով: Լէյքըրզ ցարդ ամէնէն շատ յաղթանակ արձանագրած խումբն է: Անկէ մէկ յաղթանակ նուազ արձանագրած է արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս: Տէյվիս (աջին)` երէկուան մրցումին Վուլվզի դէմ...

Անգլիական Ֆութպոլ. Վարտի Կրկնեց Նիսթըլրուի Մրցանիշը

Նախորդ շաբաթավերջին Ասթոն Վիլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Փրեմիեր լիկ»), Լայսթըր Սիթիի յառաջապահ Ճէյմս Վարտի տուպլէ մը իրագործեց (4-1): Անգլիացի ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով յաջորդաբար ութ մրցումի ընթացքին կոլի հեղինակ կը դառնայ: Այսպիսով, ան կրկնեց հոլանտացի յառաջապահ Ռուտ Վան Նիսթըլրուի մրցանիշը, որ յունուար 2002-ին եւ օգոստոս 2003-ին յաջորդական ութ մրցումի ընթացքին կոլ նշանակած էր:

Ռէալ Մատրիտ Կարիքը Ունի 200 Միլիոն Եւրոյի. Ակումբը Յունուարին Ֆութպոլիստներ Պիտի Ծախէ

Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ կարիքը ունի 200 միլիոն եւրոյի` իր ունեցած ծախսերը կարգի դնելու համար: Տարեշրջանի նախօրեակին մատրիտցիները 350 միլիոն եւրօ ծախսած են Ֆլորիան Մենտիի, Էտեր Միլիթաոյի, Էտեն Հազարի, Ռոտրիկօ Կոյեսի եւ Լուքա Եովիչի փոխանցումներուն համար: Միեւնոյն ժամանակ, անոնք տարբեր ակումբներու ծախած են բերդապահ Քէյլոր Նաւասը, յետսապահ Թէօ Հեռնանտեսը, միջնապահներ Մարքոս Լիորենթէն, Մաթէօ Քովասիչը...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Սուրիա

Իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Լիբանանի ազգային խումբը նախորդ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Սուրիա: Լիբանանի ազգային խումբին մարզիչն է Զիատ Նաթուր: Այս ախոյեանութեան Լիբանանէն բացի կը մասնակցին նաեւ Իրաք եւ Սուրիա:  

Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին. Ճատրակի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք` Ֆըրն Շըպպեքի Վարժարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրեր Նոթրը Տամ վարժարանին ճատրակի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան ճատրակի 21-րդ տարիքային մրցաշարքը: Մրցումներուն ազդանշանը պիտի տրուի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Արձանագրութիւններուն համար կարելի է կապ հաստատել լիբանանցի միջազգային իրաւարար Էլի Խէյրալլայի հետ (հեռ. 03-883225):

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կայծակնային ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Զաւէն Անդրէասեան տիրացաւ փոխախոյեանի կոչումին` առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովելով 17 կէտ: Նոյն արդիւնքը արձանագրեց լրացուցիչ ցուցանիշով ախոյեան հանդիսացած ռուս Իկոր Լիսի: Պրոնզէ մետալին տիրացած ռուս Անտրէյ Էսիփենքոն եւս արձանագրեց նոյն արդիւնքը: Արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճած Գաբրիէլ Սարգսեան կայծակնային այս ախոյեանութեան 15 կէտով գրաւեց 18-րդ...

Ճատրակ. «Կրանտ Չես Թուր». Լեւոն Արոնեան Գրաւեց Չորրորդ Դիրքը

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի «Կրանտ չես թուր»-ի աւարտական հանգրուանին ծիրին մէջ, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան գրաւեց չորրորդ դիրքը: Երրորդ դիրքի մրցումին, Արոնեան առաջին մրցումին պարտուեցաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընէն, մինչ երկրորդին արձանագրեց հաւասարութիւն մը (դասական մրցումներուն գծով): Արագ ճատրակին Արոնեան արձանագրեց յաղթանակ մը եւ կրեց պարտութիւն մը: Իսկ կայծակնային մրցումներուն, ան արձանագրեց մէկ յաղթանակ, մէկ հաւասարութիւն եւ...

«Էն. Պի. Էյ.».  Պաթլըր Եւ Ուեսթպրուք` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ. Ուորիըրզի 5-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.». Պաթլըր Եւ Ուեսթպրուք` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակ. Ուորիըրզի 5-րդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան), որոնք կրած են երեքական պարտութիւն, արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց 20-րդ յաղթանակը` յաջորդաբար Լոս Անճելըս Քլիփըրզի (119-91) եւ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի (136-113) դէմ: Լէյքըրզէն 39 կէտ նշանակեց Անթոնի Տէյվիս, մինչ Պաքսէն 27 կէտ` Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ: Ճիմի Պաթլըր Մայեմի Հիթ...

«Լա Լիկա».  Մեսսիի Հեթրիքը Եւ Պարսելոնայի Վստահ Յաղթանակը

«Լա Լիկա». Մեսսիի Հեթրիքը Եւ Պարսելոնայի Վստահ Յաղթանակը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա վստահ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մայորքան: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անթուան Կրիզման (7-րդ), Լիոնել Մեսսի (17-րդ, 41-րդ եւ 83-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (43-րդ): Իր իրագործած այս հեթրիքին շնորհիւ, Մեսսի գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն, որ «Լա լիկա»-ին մէջ...

Սպանական Ֆութպոլ. Խոաքին Սանչես` Հեթրիք Իրագործած Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը

Ռէալ Պեթիսի միջնապահ Խոաքին Սանչես երէկ դարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններու պատմութեան մէջ հեթրիք իրագործած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը: Անոր կազմը 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ: Ան իր կոլերը նշանակեց 18 վայրկեանի ընթացքին (2-րդ, 11-րդ եւ 20-րդ): Սանչես (38 տարեկան եւ 140 օր) այսպիսով գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի նուաճումը, որ հեթրիք իրագործած էր 1964-ին (37...

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Աւելի Զօրաւոր Էր Մանչեսթըր Սիթիէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Սիթի հիւրընկալեց Եունայթըտը` Իթթիհատի մարզադաշտին վրայ: Աւելի քան 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, յաղթանակ արձանագրեց Եունայթըտ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիթին: Մարքուս Ռեշֆորտ (23-րդ` փենալթիով) եւ Անթոնի Մարթիալ (29-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը, իսկ Նիքոլա Օթամենտի` Սիթիի ուշացած կոլը (85-րդ): Այս պարտութիւնը Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Պարտուեցաւ Մէօնշընկլատպախի Դաշտին Վրայ. Տորթմունտ` 5-0 Արդիւնքով Յաղթական

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին` 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Թէեւ Իվան Փերիսիչ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (49-րդ), սակայն ալճերիացի Ռամի Պենսեպայնիի տուպլէին շնորհիւ անոր կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը: Ան իր կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց 60-րդ վայրկեանին, իսկ յաղթանակի կոլը...

Սկովտիական Ֆութպոլ. Սելթիք` Լիկայի Բաժակակիր

Սկովտիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Ռէյնճըրզ - Սելթիք ճակատումը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով` ի նպաստ Սելթիքի: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քրիսթոֆըր Ժիւլիեն (60-րդ), մինչ անոր խմբակից Ժերեմի Ֆրիմփոնկ 63-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ: Այսպիսով, Սելթիք, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր, իր պատմութեան մէջ 19-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը: Մրցանիշը սակայն կը պատկանի...

Page 655 of 1279 1 … 654 655 656 … 1,279

Արխիւներ