Ռէալ Պեթիսի միջնապահ Խոաքին Սանչես երէկ դարձաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւններու պատմութեան մէջ հեթրիք իրագործած ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը:
Անոր կազմը 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ:
Ան իր կոլերը նշանակեց 18 վայրկեանի ընթացքին (2-րդ, 11-րդ եւ 20-րդ):
Սանչես (38 տարեկան եւ 140 օր) այսպիսով գերազանցեց Ռէալ Մատրիտի նախկին յառաջապահ Ալֆրետօ Տի Սթեֆանոյի նուաճումը, որ հեթրիք իրագործած էր 1964-ին (37 տարեկան եւ 255 օր):
Սանչես 2000-էն 2007 մաս կազմած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին: