«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ մրցումներ:
Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Մինեսոթա Վուլվզը, արձանագրեց տարեշրջանի իր 21-րդ յաղթանակը` 142-125 արդիւնքով:
Լէյքըրզ ցարդ ամէնէն շատ յաղթանակ արձանագրած խումբն է:
Անկէ մէկ յաղթանակ նուազ արձանագրած է արեւելեան շրջանի առաջին դիրքին վրայ գտնուող Միլուոքի Պաքս:

Վուլվզի դէմ կատարուած այս մրցումին, Լէյքըրզէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 50 կէտ:
Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը եւս` Քլիփըրզ, յաղթանակ արձանագրեց, երբ 135-119 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի դաշտէն:
Յաղթական կազմէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 34 կէտ:
Մայեմի Հիթ երկարաձգումէն ետք միայն կրցաւ յաղթել իր հիւրին` Շիքակօ Պուլզին, 110-105 արդիւնքով:
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն արձանագրած արդիւնքները. սկիզբը` յաղթանակ, ապա` պարտութիւն).
Ինտիանա Փէյսըրզ (15-8) – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ (17-7)
Պոսթըն Սելթիքս (16-5) – Քլիվլենտ Քաւալիրզ (5-17)
Հիուսթըն Ռոքեթց (15-7) – Սաքրամենթօ Քինկզ (9-13)
Միլուոքի Պաքս (20-3) – Օրլանտօ Մեճիք (11-11)
Նիւ Օրլինզ (6-17) – Տիթրիթ Փիսթընզ (9-14)
Շիքակօ Պուլզ (8-16) – Թորոնթօ Ռեփթըրզ (15-7)
Ֆէոնիքս Սանզ (10-12) – Մինեսոթա Վուլվզ (10-12)
Եութա Ճեզ (13-10) – Օքլահոմա Սիթի (10-12)
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ (5-19) – Մեմֆիս Կրիզլիզ (6-16)