Սկովտիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած Ռէյնճըրզ – Սելթիք ճակատումը աւարտեցաւ 1-0 արդիւնքով` ի նպաստ Սելթիքի:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քրիսթոֆըր Ժիւլիեն (60-րդ), մինչ անոր խմբակից Ժերեմի Ֆրիմփոնկ 63-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այսպիսով, Սելթիք, որ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր, իր պատմութեան մէջ 19-րդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը:
Մրցանիշը սակայն կը պատկանի Ռէյնճըրզի (27 անգամ):