7-8 դեկտեմբերին Ղազախստանի մայրաքաղաք Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցաւ քարաթէի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին անգամ մը, Հայաստանը ներկայացուցին Էմիլ Ղազարեան (75 քկ), Կարպիս Կարապետեան (65 քկ) եւ Արթուր Առուշանեան (60 քկ):
Առուշանեան, նախ յաղթելով իր թուրք եւ ղազախ մրցակիցներուն, աւարտականին ճակատեցաւ Վրաստանի ներկայացուցիչին դէմ եւ յաղթանակ մը եւս արձանագրելով հանդիսացաւ քարաթէի աշխարհի եռակի ախոյեան:
Հայրենի մարզիկներուն կ՛ընկերանար նաեւ Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնի նախագահ Սպարտակ Գասպարեան (տեսնել` լուսանկարը):