Նախորդ շաբաթավերջին Ասթոն Վիլայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Փրեմիեր լիկ»), Լայսթըր Սիթիի յառաջապահ Ճէյմս Վարտի տուպլէ մը իրագործեց (4-1):
Անգլիացի ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով յաջորդաբար ութ մրցումի ընթացքին կոլի հեղինակ կը դառնայ:
Այսպիսով, ան կրկնեց հոլանտացի յառաջապահ Ռուտ Վան Նիսթըլրուի մրցանիշը, որ յունուար 2002-ին եւ օգոստոս 2003-ին յաջորդական ութ մրցումի ընթացքին կոլ նշանակած էր: