Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած գագաթի ճակատումին, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ 2-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` երկրի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխին` 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Թէեւ Իվան Փերիսիչ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (49-րդ), սակայն ալճերիացի Ռամի Պենսեպայնիի տուպլէին շնորհիւ անոր կազմը արձանագրեց տարեշրջանի իր 10-րդ յաղթանակը: Ան իր կազմին հաւասարութեան կոլը նշանակեց 60-րդ վայրկեանին, իսկ յաղթանակի կոլը մրցումին վերջին վայրկեանին` փենալթիով: Պայէրն մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով` Խաւի Մարթինեսի կարմիր քարտ ստանալէն ետք (90-րդ):
Պորուսիա Տորթմունտ 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Ֆորթունա Տիւսելտորֆի դէմ:
Լայփցիկ ամրապնդեց ինքզինք երկրորդ դիրքին վրայ` 3-1 արդիւնքով յաղթելով Հոֆընհայմին: Այս վերջինէն ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան: