Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.». Պաթլըր Եւ Ատեպայօ` Թրիփըլ Տապըլի Հեղինակներ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած չորս մրցումներուն յաղթանակներ արձանագրեցին հիւրընկալ չորս խումբերն ալ: Մայեմի Հիթ իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումէն ետք, երբ 135-121 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Հոքսը: Յաղթական կազմէն թրիփըլ տապըլ մը իրագործեց` Ճիմի Պաթլըր (20 կէտ, 18 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Անոր խմբակից Քենտրիք Նուն նշանակեց 36 կէտ: Պեմ Ատեպայօ Նոյն այս մրցումին, անոնց խմբակից...

«Եւրոպայի Լիկա». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Վոլֆսպերկըր

«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր կը կատարուին բազմաթիւ մրցումներ: 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր մրցում ունի կատարելիք նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Ա. Էս. Ռոմա: Իտալական խումբը իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ աւստրիական Վոլֆսպերկըրը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Փլէյ օֆի մրցումներուն տոմս մը ապահովելու համար,...

Քաթալոնիոյ Ոստիկանութիւնը Չ՛երաշխաւորեր Ռէալ Մատրիտի Փոխադրակառքին Անվտանգ Ընթացքը Պարսելոնայի Մէջ

Ինչպէս ծանօթ է, 18 դեկտեմբերին «Քամփ-նու» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 10-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ յետաձգուած «Քլասիքօ»-ն: Սպանական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Քաթալոնիոյ ոստիկանութիւնը, չի կրնար երաշխաւորել Ռէալ Մատրիտի փոխադրակառքին անգտանգ երթեւեկը Պարսելոնայի մէջ, որովհետեւ չունի ատոր համար բաւարար ուժ: Նշուեցաւ, որ նոյն այդ օրը, Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքին մէջ դարձեալ տեղի պիտի ունենան...

«Չեմփիընզ Լիկ». Անսու Ֆաթի` Մրցաշարքի Պատմութեան Մէջ Կոլ Նշանակած Ամէնէն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը

Պարսելոնայի յառաջապահ Անսու Ֆաթի (ծնած` Կինէա - Պիսաոի մէջ) նախանցեալ օր Ինթեր Միլան - Պարսելոնա մրցումին («Չեմփիընզ լիկ») կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1): Այսպիսով, ան դարձաւ մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, որ կոլի հեղինակ կը դառնայ (17 տարեկան, 40 օր): Անոր կը պատկանի նաեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստի մրցանիշը (16 տարեկան, 304 օր)`...

Զիտան. «Հազար Պէտք Չունի Վիրաբուժութեան»

Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիչ Զինետին Զիտան, երէկ կատարած իր մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, թէ իր կարծիքով, ակումբին մաս կազմող պելճիքացի միջնապահ Էտեն Հազար վիրաբուժութեան պէտք չունի, հակառակ անոր որ սպանական մամուլը յայտնեց, որ ան շուտով պիտի ենթարկուի վիրաբուժութեան: Ըստ Զիտանի, ան 2-էն 3 շաբաթ ետք պիտի վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը` առանց վիրաբուժութեան: Ան վիրաւորուեցաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունեցած...

Նափոլի Պաշտօնանկ Ըրաւ Անչելոթթին

Իտալական Նափոլիի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի պաշտօնանկ եղաւ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ա. Սէ. Միլանի նախկին մարզիչ Կենարօ Կաթուզոն նշանակուեցաւ անոր յաջորդը: Անչելոթթի Նափոլիի մարզիչ նշանակուած էր մայիս 2018-ին: Հակառակ ատոր, Անչելոթթի իր կազմին հետ յաջողեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի փլէյ օֆի տոմս մը ապահովել: 60 տարեկան Անչելոթթիով հետաքրքրուած է Արսենալ:

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի 16 Տարեկանէն Վար Խումբը Յաղթական

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան գծով իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 69-42 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրաքը: Մրցումները տեղի կ՛ունենան Ֆայհայի մարզադաշտին վրայ: Լիբանանի մարզիչն է` Զիատ Նաթուր:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Ուրբաթ, 27 Դեկտեմբերին Յատուկ Համագումար` «Պրիսթոլ» Պանդոկին Մէջ

Շաբաթասկիզբին, իր անդամներուն մեծամասնութեան ներկայութեան, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Յայտարարուեցաւ, որ ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ համագումար մը, որուն ընթացքին օրինական որոշումներ պիտի տրուին Լիբանանի 2019-2020 տարեշրջանը շարունակելու գծով: Ֆետերասիոնին այս ժողովին ընթացքին վաւերացուեցան, նախորդ շաբաթավերջին կատարուած...

Ասիոյ Ֆութպոլի 2020-ի Բաժակի Մրցաշարքի Վիճակաձգութիւն. Ահտ Մաս Կազմեց Ա. Խմբակին, Մինչ Անսար` Բ. Խմբակին

Երէկ` երեքշաբթի, 10 դեկտեմբերին, Մալեզիոյ մայրաքաղաք` Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ ֆութպոլի 2020-ի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Վերոնշեալ մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ, Լիբանանէն երկու խումբեր` Ահտ (տիտղոսակիր) եւ Անսար: Ահտ, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իր դէմ պիտի ունենայ Մանաման (Պահրէյն), բանակայինները (Սուրիա) եւ Հիլալ Քուտսը (Պաղեստին) կամ Սուրը (Յորդանան): Իսկ Բ. խմբակին մէջ են` Անսար Լիբանան, Փայսալի կամ Ուահատաթ...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին` 2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

2019 տարեշրջանը աւարտած ըլլալով «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-էն սկսեալ Քասլիքի մէջ գտնուող իր ակումբին մէջ պիտի կատարէ 2019 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:  

Հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին. Լիբանանի Դահուկարշաւի Ֆետերասիոնը Կը Կատարէ 2018-2019 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Տըպպայէի Մարինային մէջ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը հինգշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ, կը կատարէ 2018-2019 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը:  

Շաբաթ, 14 Դեկտեմբերին. Պեք-Կամընի Երրորդ Ախոյեանութիւնը` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի Մէջ

Լիբանանի պեք-կամընի ֆետերասիոնի նախագահ Էմիլ Շաղուրի երէկ յայտնեց, որ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի «Սուֆարա» սրահին մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի պեք-կամընի երրորդ բաց ախոյեանութեան մասնակցողներուն թիւը ցարդ հասած է 124 երկսեռ խաղացողներու, ինչ որ կը նկատուի բաւական լաւ թիւ: Ան ըսաւ, որ արձանագրութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ ուրբաթ, 13 դեկտեմբեր, մինչ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ Պարսելոնայէն Եւ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ կատարուեցան 6-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Երէկուան կարեւորագոյն մրցումներէն մէկուն, Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Պարսելոնան, կրելով 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Պարսելոնայի հետ փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը ապահովեց Պորուսիա Տորթմունտ, որ յաղթեց Սլաւիա Փրակային (2-1): Պարսելոնա դաշտ ներկայացած էր...

«Էն. Պի. Էյ.». Պաքսի 21-րդ Յաղթանակը. Ռոքեթց Կէտի Մը Տարբերութեամբ Պարտուեցաւ Քինկզէն

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 9 մրցումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզի նման (արեւմտեան շրջան), տարեշրջանի իր 21-րդ յաղթանակը արձանագրեց Միլուոքի Պաքս (արեւելեան շրջան)` 110-101 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Օրլանտօ Մեճիքը: Պաքսէն 32 կէտ նշանակեց Ճիաննիս Անթեթոքունփօ: Պաքս եւ Լէյքըրզ կրած են միայն 3-ական պարտութիւն: Հիուսթընի մէջ, Ռոքեթց կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 119-118 արդիւնքով պարտուեցաւ իր...

Սերենա Ուիլիըմզ Իր Կոտրած Ռաքեթը Ծախեց Աճուրդի Մը Ընթացքին

Երէկ մարզական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ 2018-ին թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի աւարտականի մրցումին, զայրացած մէկ պահուն իր կոտրած ռաքեթը ամերիկացի Սերենա Ուիլիմըզ ծախած է աճուրդի մը ընթացքին: Այդ կոտրած ռաքեթին համար «Կոլտինկ» աճուրդին ներկայ գտնուողներէն մէկը վճարած է 20.900 ամերիկեան տոլար: Նաոմի Օսքայի դէմ իր կատարած այդ մրցումէն ետք, այդ կոտրած ռաքեթը ստացած է 22 տարեկան ուսանող Ճասթին Էրինկթըն-Հոլմզ, որ զայն...

«Քլասիքօ». Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ Մրցումին Իրաւարարը` Հեռնանտես

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ի մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Ալեխանտրօ Հեռնանտես-Հեռնանտես: Ան չորրորդ անգամ ըլլալով պիտի սուլէ «Քլասիքօ»-ի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 18 դեկտեմբերին, «Քամփ-Նու» մարզադաշտին վրայ: Անիկա յետաձգուած է նախորդ 23 հոկտեմբերէն` Քաթալոնիոյ մէջ  տեղի ունեցած ցոյցերուն պատճառով: Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նոյն այս իրաւարարէն, երկու անգամ կարմիր քարտ ստացած...

Վիթսել Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Պորուսիա Տորթմունտի Պելճիքայի միջնապահ Աքսել Վիթսել մինչեւ տարեվերջ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց գերմանական ակումբին պաշտօնական կայքը: Վիթսել իր տան մէջ իյնալով վիրաւորած էր իր դէմքը: Ան յաջող վիրաբուժութեան մը ենթարկուելէ ետք երէկ դուրս եկաւ հիւանդանոցէն: Ան «Պուտըսլիկա»-ի գծով իր կատարած 13 մրցումներուն նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: Մինչեւ տարեվերջ Տորթմունտ 4 մրցում ունի կատարելիք:

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է 180 Միլիոն Եւրոյով Ծախելու Նէյմարը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է յառաջիկայ ամառ ծախելու իր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, կը յայտնէ սպանական «Մարքա» օրաթերթը: Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը կը պահանջէ 180 միլիոն եւրօ: Նախապէս անոր համար Սեն Ժերմեն կը պահանջէր 250-300 միլիոն եւրօ:

Ընթացք Առաւ ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Ֆութպոլի Պատանիներու Մրցաշարքը

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ակադեմիայի յանձնախումբին, կիրակի, 8 դեկտեմբերին ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային ֆութպոլի պատանիներու մրցաշարքը: Մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» (Զաւարեան ) դաշտին վրայ, առիթ մըն է պատրաստելու պատանիներ, որոնք պիտի ներկայացնեն ՀՄԸՄ-ը` Լիբանանի տարիքային ախոյեանութիւններուն: Մրցումները տեղի կ՛ունենան եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն մարզիկները բարձր տրամադրութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի բարձր ոգիով կը...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Անսար Վաղը Կը Սկսի Իր Փորձերուն

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած վերջին լուրերուն համաձայն, Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւնները պիտի վերսկսին, յառաջիկայ տարուան յունուար ամսուան սկիզբը: Կարգ մը խումբեր սկսած են իրենց փորձերուն, իսկ ուրիշներ` ոչ: Անսարի ղեկավարութիւնը որոշեց, որ խումբը իր փորձերուն պիտի սկսի վաղը չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին, գլխաւորութեամբ իր մարզիչին` Նիզար Մահրուսի: Այսօր կը յստականայ, թէ Անսարի մրցակիցը ո՛վ պիտի ըլլայ (ինչպէս նաեւ` Ահտի)...

Page 654 of 1279 1 … 653 654 655 … 1,279

Արխիւներ