Միջազգային հակախթանիչ դեղերու գործակալութեան գործադիր կոմիտէն (ՈՒԱՏԱ) ընդունեց համապատասխան յանձնախումբի առաջարկները եւ 4 տարիով դադրեցուց Ռուսիոյ մասնակցութիւնը միջազգային բոլոր տեսակի մրցումներուն, ներառեալ` ողիմպիականի խաղերը եւ աշխարհի ախոյեանութիւնները:
Երէկ Լոզանի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած ՈՒԱՏԱ-ի գործադիր կոմիտէի նիստին որոշումը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ:
ՈՒԱՏԱ-ի որոշումին դէմ բողոքելու համար ռուսական կողմը 21 օրուան պայմանաժամ ունի: