Սպանական «Մարքա» անուանի մարզական օրաթերթը կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ կարիքը ունի 200 միլիոն եւրոյի` իր ունեցած ծախսերը կարգի դնելու համար:
Տարեշրջանի նախօրեակին մատրիտցիները 350 միլիոն եւրօ ծախսած են Ֆլորիան Մենտիի, Էտեր Միլիթաոյի, Էտեն Հազարի, Ռոտրիկօ Կոյեսի եւ Լուքա Եովիչի փոխանցումներուն համար:
Միեւնոյն ժամանակ, անոնք տարբեր ակումբներու ծախած են բերդապահ Քէյլոր Նաւասը, յետսապահ Թէօ Հեռնանտեսը, միջնապահներ Մարքոս Լիորենթէն, Մաթէօ Քովասիչը եւ յառաջապահ Ռաուլ տէ Թոմասը:
Անոնց փոխարէն Ռէալ ստացած է 150 միլիոն եւրօ:
Ըստ ֆինանսական ֆեր փլէյի օրէնքներուն, ֆութպոլիստները ձեռք ձգելու ծախսերուն եւ վաճառքի եկամուտներուն միջեւ տարբերութիւնը պէտք չէ գերազանցէ 100 միլիոն եւրոն:
Ասկէ մեկնելով, մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին Ռէալ Մատրիտ պէտք է ֆութպոլիստներ ծախելու սկսի: