Հովանաւորութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ Ֆըրն Շըպպեքի Ֆրեր Նոթրը Տամ վարժարանին ճատրակի յանձնախումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան ճատրակի 21-րդ տարիքային մրցաշարքը:
Մրցումներուն ազդանշանը պիտի տրուի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
Արձանագրութիւններուն համար կարելի է կապ հաստատել լիբանանցի միջազգային իրաւարար Էլի Խէյրալլայի հետ (հեռ. 03-883225):