Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի կայծակնային ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Զաւէն Անդրէասեան տիրացաւ փոխախոյեանի կոչումին` առաւելագոյն 22 կէտէն ապահովելով 17 կէտ:
Նոյն արդիւնքը արձանագրեց լրացուցիչ ցուցանիշով ախոյեան հանդիսացած ռուս Իկոր Լիսի: Պրոնզէ մետալին տիրացած ռուս Անտրէյ Էսիփենքոն եւս արձանագրեց նոյն արդիւնքը:
Արագ ճատրակի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը նուաճած Գաբրիէլ Սարգսեան կայծակնային այս ախոյեանութեան 15 կէտով գրաւեց 18-րդ դիրքը: