Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին, որուն ընթացքին Սիթի հիւրընկալեց Եունայթըտը` Իթթիհատի մարզադաշտին վրայ:
Աւելի քան 54 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, յաղթանակ արձանագրեց Եունայթըտ, որ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սիթին: Մարքուս Ռեշֆորտ (23-րդ` փենալթիով) եւ Անթոնի Մարթիալ (29-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը, իսկ Նիքոլա Օթամենտի` Սիթիի ուշացած կոլը (85-րդ):
Այս պարտութիւնը Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին համար եղաւ տարեշրջանի չորրորդը:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Սիթի այժմ 14 կէտով ետ է պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ցարդ անպարտելի Լիվըրփուլէն, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէն ետք Պուրնըմաութի դաշտէն, ունեցաւ 46 կէտ:
Լիվըրփուլի երեք անպատասխան կոլերը նշանակեցին Ալեքս Օքսլէյտ – Չեմպըրլէյն (35-րդ), Նապի Քէյթա (44-րդ) եւ Մոհամետ Սալահ (54-րդ):
Իր կարգին, յաղթանակ մը արձանագրեց Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած խումբը` Թոթենհամ, որ 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պըրնլին: Հերի Քէյն տուպլէ մը իրագործեց:
Չելսի կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` Էվըրթընի դաշտին վրայ (3-1):