Հայազգի թենիսմեն Կարէն Խաչանով (16-րդ), երէկ յաղթանակով սկսաւ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ արձանագրեց 4-6, 6-4, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը` սպանացի Մարիօ Վիլեյա Մարթինեսի դէմ:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց 2 ժամ 57 վայրկեան:
Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Աւստրալիան ներկայացնող Տոմինիք Թիեմ, ֆրանսացի Ատրիան Մանարինոյի դէմ` 6-3, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով:
Մրցաշարքին թիւ 1 դասուած մարզիկը` սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ, առանց դժուարութեան 6-2, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց պոլիվիացի Հիւկօ Տելիենի դէմ (2 ժամ 2 վայրկեանի ընթացքին):
Աղջկանց մրցումներուն պարագային, ռուս Մարիա Շարափովա չկրցաւ շրջանցել Ա. հանգրուանի արգելքը, երբ Տոննա Վերքիչէն (Խրուաթիա, 19-րդ) պարտութիւն մը կրեց 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան, որ 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց 22-րդ դասուած Մարիա Սաքքարիէն (Յունաստան):