Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը ներկայացուց ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութեան արդիւնքները:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, Ուրարտու պիտի հիւրընկալէ Նոան, իսկ Արարատ Արմենիա` Գանձասար Կապանը:
Մրցումները տեղի պիտի ունենան 10-11 մարտին: