Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մըզարի (Քֆարզըպիան) շրջանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի դահուկարշաւի 2020 տարեշրջանի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ 91 երկսեռ մարզիկներու:
Արզի մէջ տեղի ունենալիք մրցումները յետաձգուեցան 2 փետրուարին:
Երկար չմշկումի մրցումներուն, 2006-2007 դասակարգին մէջ Քրիս Չոփուրեան (Ֆարայա Մըզար ակումբ) գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 1′ 41″ 385 արդիւնք մը:
Ան երկրորդ հանդիսացաւ նաեւ կարճ չմշկումի մրցումներուն` արձանագրելով 2′ 01″ 727 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: