Լիբանանի մէջ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն շնորհիւ եւ տարբեր տեսակի մարզական մրցաշարքեր (որոնց կարգին` պասքեթպոլ, ֆութսալ) կազմակերպելէ ու անոնց մէջ բացառիկ յաջողութիւններ ունենալէ ետք, «Սփորթց-Մանիա» ընկերութիւնը յայտարարեց, որ Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ունեցաւ իր նոր մասնաճիւղը:
Լիբանանի մէջ ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ կրտսերներու մրցաշարքեր կազմակերպելէ բացի, «Սփորթ Մանիա» նոյնը իրագործեց նաեւ Տուպայի մէջ (2017-էն ի վեր):