Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ապաքինած ըլլալով իր վնասուածքէն, պատրաստ է վերադառնալու ֆութպոլի դաշտերը:
Ան շաբաթասկիզբէն ի վեր փորձեր կը կատարէ իր խմբակիցներուն հետ եւ պատրաստ է վերադառնալու ֆութպոլի դաշտերը:
Ան վիրաւորուած էր Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին:
Ըստ սպանական մամուլին, շատ հաւանական է, որ շուտով ընդհանուր խումբ վերադառնայ նաեւ արքայական ակումբին խմբապետը` Սերճիօ Ռամոս: