Երկուշաբթի, 20 յունուարի յետմիջօրէին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի շրջանին մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց իր նիստը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:
Ժողովականները որոշեցին սառեցնել Լիբանանի Ա., Բ. եւ Գ. դասակարգերու 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնները, ինչպէս նաեւ կրտսերներու եւ ֆութսալի ախոյեանութիւնները մինչեւ անորոշ թուական` սպասելով երկրին կացութեան բարելաւման: