Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Քիքէ Սեթիեն Փափաք յայտնած է քաթալոնական կազմին մէջ տեսնելու ակումբի նախկին ֆութպոլիստ, այժմ ճափոնական Վիսել Քոպէին մաս կազմող սպանացի միջնապահ Անտրես Ինիեսթան:
«Հակառակ 35 տարեկան ըլլալուն, Ինիեսթա ցարդ չէ աւարտած ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: Շատ հաւանաբար դարձեալ մեր կազմին մէջ ունենանք փորձառու միջնապահը», ըսաւ Սեթիեն:
Նախորդ տարի Ինիեսթա ըսած էր, որ Չաւիի հետ կը մտածէ Պարսելոնայի մարզիչ ըլլալու կարելիութիւններուն մասին խորհրդակցութիւններ ունենալ խումբին ղեկավարութեան հետ: