Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Սիթի նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը արձանագրեց Պրամոլ Լէյնի մարզադաշտին վրայ, ուր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը` Շեֆիլտ Եունայթըտը:
Սերճիօ Ակուերոյի կողմէ նշանակուած կոլին էսիսթը կատարողը հանդիսացաւ պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տը Պրույնէ` 73-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, էսիսթներ կատարելու գծով ան «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ յաջողեցաւ պատմութիւն կերտել:
Պրույնէ, որ այս տարեշրջանին կատարեց իր 15-րդ էսիսթը, յաջորդաբար երրորդ տարեշրջանն ըլլալով կը կատարէ նուազագոյնը 15 էսիսթ:
Նախորդ տարեշրջանին ան կատարեց 16 էսիսթ, իսկ անկէ առաջ` 18 էսիսթ: