Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («Այ. Էֆ. Էֆ. Էյչ. Էս.»), ամփոփելով 2019 տարին, հրապարակեց աշխարհի լաւագոյն ախոյեանութիւններուն եւ ակումբներուն դասաւորումը:
Աշխարհի լաւագոյն ակումբներուն առաջին 400-ին մէջ կը գտնուի հայկական մէկ խումբ միայն` Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ – Արմենիա:
Երեւանեան ակումբը, որ նախորդ տարի կը գրաւէր 1542-րդ դիրքը, բարձրացաւ 233-րդ դիրքին:
Ինչ կը վերաբերի աշխարհի լաւագոյն ախոյեանութիւններուն առաջին հարիւրին դասաւորման, Հայաստանի ախոյեանութիւնը 96-րդ դիրքէն բարձրացաւ 80-րդ դիրքին: