Քաթալոնական Պարսելոնա ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ալպանացի յառաջապահ Ռէյ Մանաժ միացաւ խումբին: Ան մինչեւ յունիս 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:
22 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գինը պայմանագիրով սահմանուեցաւ 50 միլիոն եւրօ:
Առայժմ ան հանդէս պիտի գայ ակումբին երկրորդ կազմին հետ:
Մանաժ, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Ինթեր Միլանին, այս տարեշրջանին ելոյթ կ՛ունենար Սպանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի կազմերէն Ալպասեթէի հետ, որուն հետ 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ: